image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանը պիտի փոխուի՞. Մամուլէն տեղեկութիւն

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանը պիտի փոխուի՞. Մամուլէն տեղեկութիւն

ՀՀ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուինի հեռանալուն մնացած են հաշուած շաբաթներ մնացած են։ Այս մասին գրած է «Իրաւունք»ը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները։

Թերթի տեղեկութիւններով՝ մօտ 10-15 օր առաջ դեսպան Քոպինը պաշտօնէն ազատելու որոշում կայացուած է, եւ ան մէկ ամիսէն պիտի հեռանայ Երեւանէն։

«Իրաւունք»ի տեղեկութիւններով՝ Քուինը պիտի փոխարինէ չէզոք դիրքորոշումով դիւանագէտ։

Յիշեցնենք` դեսպան Քուինը Երեւան ժամանած է 2023-ի փետրուար 16-ին։ Ան Միացեալ Նահանգներու 10-րդ դեսպանն է Հայաստանի մէջ։ Մինչ Հայաստան ժամանելը դեսպան Քուինը (2020-2022թթ.) եղած է Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը Ուքրանիոյ մէջ։