5 Տարուան հոգեւոր ծառայութիւն մատուցելէ ետք Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քաջասիրտ միաբաններէն ՝ Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեան (արմատներով՝ Քեսապէն) ծառայութեան կոչուած է Հունգարիոյ մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մօտիկ կանգնած իր աղբիւրէն։
Նշենք նաեւ, որ վարդապետը իր ծառայութեան աւարտին մասին հանդէս եկած էր դիմատետրեան կարճ գրառումով մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Հ. Մաշտոց մասնաւորապէս կը գրէ՝
6 տարիներ Հայրենիքի սուրբ հողին վրայ… որոնցմէ 1 տարի Գիւմրիի մէջ իսկ 5 տարիներ Երեւանի մէջ։
Ակնթարթի նման… դժուար սակայն իմաստալից եւ անմոռանալի հոգեւոր ծառայութիւն… հակառակ բոլոր տեսակի քննադատութիւններուն և նաև քաջալերական խօսքերուն, այս ժամանակաշրջանը կը մնայ դրոշմուած սրտիս մէջ, պատմական մեծ եղելութիւններով լեցուն Հայ Կաթողիկէ իրականութենէն ներս, ինչի համար երախտապարտ կը մնամ բոլոր աջակիցներուն իսկ շնորհակալ Ամենակալէն։ Ահա եւ վերջ։ Ի քաղցր տեսութիւն սիրելի Երեւան եւ շատ սիրելի Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարան։
Տէրը անսասան պահէ՜…