Քաղաքական գործիչ Աւետիք Չալաբեան քրէակատարողական հիմնարկէն նամակ ուղարկած է, որ 23 օգոստոսին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով հանրահաւաքի ժամանակ ընթերցած է անոր կինը՝ Անահիտ Ադամեանը։
Նամակին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.
«Անկախութեան Հռչակագրի ընդունումէն 32 տարի անց մենք ունինք անկախ պետութիւն, բայց, միւս կողմէ, անոր իրական ինքնիշխանութիւնը սահմանափակ է եւ կը շարունակէ կրճատուիլ։
Մէկ կողմէ՝ կրցանք ազատագրել Արցախը, բայց միւս կողմէ՝ չկրցանք պահել ու օրէ օր կը կորսնցնենք այն։
Արտաքնապէս մեր երկիրը կը զարգանայ, բայց, միւս կողմէ, բնակչութեան թիւը կը կրճատուի։
Մենք կանգնած ենք ճակատագրական երկընտրանքի առաջ՝ կա՛մ պէտք է նոր շունչ ու իմաստ հաղորդել անկախութեան հայեցակարգին, կա՛մ պէտք է հաշտուիլ այն մռայլ միտքի հետ, որ իւրաքանչիւր յաջորդ տարի մեր ինքնիշխանութիւնը աւելի պիտի նուազի։ Մենք կա՛մ պէտք է պատրաստ ըլլանք զոհաբերուելու յանուն պետականութեան, կա՛մ համակերպինք այն բանի հետ, որ մեր ազգային առաքելութիւնն աւարտած է, եւ նիւթական բարեկեցութեան ակնկալիքով երթանք օտար երկիր։ Ընտրութիւնը պէտք է միասին կատարենք»։
Յիշեցնենք, որ հասարակական-քաղաքական գործիչ Աւետիք Չալաբեան, հակառակ 3-րդ աստիճանի հիպերտոնիայի ախտորոշման, 3 օգոստոսին երեք ամիսով կալանաւորուած էր՝ ընդդիմութեան հանրահաւաքներուն ուսանողներու մասնակցութիւնը նիւթապէս շահագրգռելու փորձ կատարելու մեղադրանքով։ Չալաբեան նախապէս կալանաւորուած էր 14 մայիսին, այնուհետեւ եւս 15 օրով։ 27 Յուլիսի երեկոյեան քաղաքական գործիչն ազատ արձակուած էր «Արմաւիր» քրէակատարողական հիմնարկէն։