Հիւսիսատլանտեան դաշինքը դատապարտած է Վրաստանի կառավարութեան որոշումը փակելու ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հարցերով տեղեկատուական կեդրոնը։
ՆԱԹՕ-ի պաշտօնեաները նշած են, որ որոշումը «լուրջ հարուած է վրացական հասարակութեան եւրաատլանտեան համարկման վերաբերեալ իրազեկ ըլլալու, մասնաւորապէս ներկայի մարտահրաւէրներու պարունակին մէջ»։