image

ԱՄՆ-ը խաղաղութեան աջակից. Այդ մասին խօսած է Միլլըր

ԱՄՆ-ը  խաղաղութեան աջակից. Այդ  մասին խօսած է Միլլըր

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կը շարունակէ հաւատալ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը հասանելի է, եւ ան այդ (Միւնիխի մէջ-Խմբ.) քննարկած է  երկու երկրի ղեկավարներու հետ. այս մասին ճեպազրոյցին ըսած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըր:

«Ան երկիրներու ղեկավարները խրախուսած է միասին աշխատիլ՝ լուծելու ի վերջոյ մնացած ընդամէնը քանի մը հարցերը: Եւ մենք պիտի շարունակենք խրախուսել այդ երկիրները հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագրի։ Երկու առաջնորդները երկկողմ հանդիպում ունեցած են Միւնիխի մէջ, եւ մենք պիտի շարունակենք առաջարկել Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնն ու օգնութիւնը համաձայնութեան հասնելու համար», -ըսած է Միլլըր: