Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ճանապարհին կը շարունակեն զգալի առաջընթաց արձանագրել, ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մեթիւ Միլլըր։
«Ինչպէս ըսինք՝ խաղաղութեան ժամանակն է։ Մենք վճռական ենք աջակցելու այս գործընթացին, պիտի շարունակենք աշխատիլ համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ»,-ըսած է ան։