Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի [արտաքին գործոց] նախարարներու հանդիպման մասին պիտի յայտարարուի, երբ օրը որոշուած ըլլայ, ըսած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըրը յունուար 4-ին լրագրողներու հետ հանդիպման։
Դիտարկման, որ Մոսկուան օտար կառավարութիւնները յորդորած չխառնուիլ հայ-ատրպէյճանական գործընթացին, Միլլըր պատասխանած է․ «Ռուսիան որեւէ կերպ մեզ չի խանգարեր իրականացնելու դիւանագիտական կարեւոր այն ջանքերը, որոնք, մեր կարծիքով, անհրաժեշտ են Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, եւ մենք պիտի շարունակենք հետամուտ ըլլալ ատոնց»։