Միացեալ Նահանգները խաղաղութեան համաձայնագիրը երբեք չէ կապած Պաքուի մէջ կայանալիք COP29-ի հետ։
Այդ մասին հոկտեմբեր 15-ին կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Մեթիւ Միլլըրը։
«Մենք ամիսներ առաջ կ՚ուզէինք տեսնել խաղաղութեան համաձայնագիր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ կը պնդէինք, որ այն ձեռք բերուի:
Այնուամենայնիւ, այդ կախուած է կողմերէն, ոչ թէ Միացեալ Նահանգներէն»,-ըսած է ան։