image

Հայաստանի բնակչութեան աճը անկում կրած է

Հայաստանի բնակչութեան աճը անկում կրած է

Ըստ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) նախնական տուեալներու՝ բնակչութեան բնական աճը Յունուար-Յուլիսին կազմած է ընդամէնը 1252 մարդ: Սա 1,8 անգամ պակաս է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն: Հաշուետու տուեալները 2019 թուականի Յունուար-Յուլիս ամիսներու ցուցանիշի հետ համեմատելու պարագային անկումը արդէն կը կազմէ մօտ 2,9 անգամ: Այսինքն, բնական աճի ընթացքի միտումները ակնյայտօրէն վատթարացող բնոյթ կը կրեն: Այլ բաներու հետ մէկտեղ, իր դերը խաղցած է նաեւ բնակչութեան մահացութեան կտրուկ աճը COVID-19-էն՝ հաշուետու Յունուար-Յուլիսին աւելի քան 2,3 հազար դէպք (նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին մէջ՝ 0,8 հազար դէպք):

Հայաստանի մշտական բնակչութեան աճի ընթացքի վրայ բացասաբար կ'ազդէ երկրի բնակիչներու աճող արտագաղթը: Բերենք մէկ փաստ՝ 2018-2020 թուականներուն եւ ընթացիկ տարուան Յունուար-Յունիսին Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է 103,6 հազար մարդ: Անոնցմէ 21,9 հազարը (կամ ընդհանուրի 21%-ը) բաժին ինկած է ընթացիկ տարուան Յունուար-Յունիսին:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն ստացած էր 30,5 հազար մարդ, այդ շարքին՝ Յունուար-Յունիսին 14,1 հազար մարդ: Դատելով վերը նշուած ցուցանիշներէն՝ այս գործընթացը ակնյայտօրէն աճող բնոյթ կը կրէ: Շատ հնարաւոր է, որ անցած տարուան մրցանիղը գերազանցուի այս տարի: