image

Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը ծաղկեպսակ դրած են յուշահամալիրի մօտ, ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակի մօտ։

Արարողութեան մեկնարկէն առաջ յուշահամալիրի մէջ կենդանի կատարմամբ հնչած է Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը։

Այնուհետեւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են նախարարները, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպանները, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ։