Յիշեցնենք, որ փոխվարչապետներու առաջին նիստը կայացած է 30 յունուարին, Մոսկուայի մէջ: Հանդիպման ընթացքին երկու փորձագիտական ենթախումբեր ստեղծուած են: Անոնց կազմին մէջ հայկական կողմէն պիտի ընդգրկուին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ԱԳՆ-ի, տնտեսութեան նախարարութեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի ներկայացուցիչները: