image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխ վարչապետաց հանդիպումը փետրուար ամսուան ընթացքին

Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխ վարչապետաց հանդիպումը փետրուար ամսուան ընթացքին

 

Տարածաշրջանին մէջ փոխադրային հաղորդակցութեան ապաշրջափակման հարցով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ փետրուարի ընթացքին: Այդ մասին յայտնած են Հայաստանի փոխվարչապետի մամուլի ծառայութենէն:

 

Յիշեցնենք, որ փոխվարչապետներու առաջին նիստը կայացած է 30 յունուարին, Մոսկուայի մէջ: Հանդիպման ընթացքին երկու փորձագիտական ենթախումբեր ստեղծուած են: Անոնց կազմին մէջ հայկական կողմէն պիտի ընդգրկուին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ԱԳՆ-ի, տնտեսութեան նախարարութեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի  ներկայացուցիչները: