Իրաքի հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեան, օրերս, այցելած է Զախոյի Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութեան եւ Ուսուցչական կազմին։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հակիրճ հաղորդագրութիւնը՝
Շաբաթ օր, Նոյեմբերի 29-ին, Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը հանդիպում ունեցաւ Զախոյի Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութեան և Ուսուցչական կազմին հետ։ Սրբազան հօր կ'ընկերակցէին հոգեւորականաց դասն ու Զախոյի թաղական խորհուրդը։
