Օրերս, տեղի ունեցած է Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ տարեկան համաժողովը, որու ընթացքին 22 տեղական եկեղեցիէ ժամանած 80 հոգինոց պատուիրակութիւնը փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ ձեւաւորած է Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Խորհուրդի նոր կազմը։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Հայաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէն։
Ստորեւ ատոր մասին եղած հրապարակումը՝
2024 թ.-ի նոյեմբերի 15-ին` Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) տարեկան համաժողովի ընթացքին, ՀԱԵ 22 տեղական եկեղեցիէ ժամանած 80 հոգինոց պատուիրակութիւնը, փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ ձեւաւորեց ՀԱԵ Հոգեւոր Խորհուրդի (ՀԽ) նոր կազմը։
Առաջին անգամ թեկնածուներու ցուցակին մէջ ոչ միայն ձեռնադրեալ եւ ոչ ձեռնադրեալ հովիւներ էին, այլեւ եկեղեցւոյ ոչ կղերական ծառայողներ, որոնք մասնագիտական ու հոգեւոր ներդրում ունին եկեղեցւոյ ծառայութիւններուն մէջ։
Քանի որ պատուիրակները թեկնածու հովիւները կը ճանչնային, ՀԽ փոխնախագահ վեր. Աւետիք Խաչատրեանը ներկայացուց միայն աշխարհական թեկնածուները՝ ընդգծելով անոնց մասնագիտական կարողութիւններն ու երկարամեայ աստուածահաճոյ ու եկեղեցամէտ ծառայութիւնը:
Այնուհետեւ պատուիրակներուն բաժնուեցան ընտրաթերթիկներն ու տեղի ունեցաւ ՀԱԵ ՀԽ ընտրութիւնը: 19 թեկնածուէ ընտրուեցաւ 11-ը՝ 5 ձեռնադրեալ հովիւ, 3 ոչ ձեռնադրեալ հովիւ եւ 3 եկեղեցւոյ ծառայող համամասնութեամբ:
Ժամեր անց, հաշուիչ յանձնաժողովի մանրամասն աշխատանքի արդիւնքով, յայտնի դարձաւ ՀԱԵ նոր ՀԽ կազմը: Այսպիսով, առաջիկայ երկու տարուան համար մանթատ ստացան
ձեռնադրեալ հովիւներէն՝
Վեր. Գէորգ Գասպարեանը
Վեր. Հրանտ Բադալեանը
Վեր. Վարդան Ափինեանը
Վեր. Գագիկ Յովհաննիսեանը
Վեր. Սարգիս Օչինեանը
ոչ ձեռնադրեալ հովիւներէն՝
Պատ. Արամ Բաբաջանեանը
Պատ. Արմօ Արզումանեանը
Խաչիկ Նազարեանը
եկեղեցւոյ ծառայողներէն՝
Վարդան Միքայէլեանը
Հայկ Էդիլեանը
Անուշ Թութիկեանը
Նորընտիր խորհուրդն անմիջապէս գումարեց առաջին փակ նիստը եւ փակ քուէարկութեամբ ընտրեց դիւանի կազմը։ Առաւելագոյն ձայներով ՀԱԵ խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ վեր. Վարդան Ափինեանը, փոխնախագահ՝ վեր. Գէորգ Գասպարեանը, գանձապահը պիտի ըլլայ վեր. Սարգիս Օչինեանը, իսկ ատենադպիրի կարեւոր ծառայութիւնը պիտի իրականացնէ երիտասարդ հովիւ Խաչիկ Նազարեանը։
Նորընտիր խորհուրդը ընտրեց նաեւ աւագ հովիւը`վեր. Աւետիք Խաչատրեանը: