image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանեան երկրորդ արբանեակը պատրաստութեան փուլին է

Հայաստանեան երկրորդ արբանեակը պատրաստութեան փուլին է

Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Ռոպերթ Խաչատրեան 25 Յուլիսին «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն Հայաստան տիեզերք պիտի արձակէ իր երկրորդ արբանեակը:

«Երկրորդը լինելու է նոյնպէս նկարներ անող արբանեակ: Ժամկէտներ չեմ կարող ասել, բայց՝ 23 թուականի, 24 թուականի մօտակայքում», նշած է Խաչատրեան:

Հայաստան իր առաջին արբանեակը տիրեզերք արձակեց այս Մայիսին: Ըստ պաշտօնական տեղեկութեան՝ ArmSat-1 արբանեակը պիտի գործէ առնուազն չորս տարի: