«Սիսիա Սթէթս» հետազօտական ընկերութիւնը, որ կը զբաղի ամբողջ աշխարհի մէջ բնակարաններու գիներով, հրապարակած է ցանկ մը ու ներկայացուցած երկիրներ, ուր շատ դժուար է բնակարան ձեռք բերել։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն։
Ըստ հրապարակուած արդիւնքներու, Թուրքիա 81.45 ցուցանիշով առաջին տեղի վրայ է, այսինքն Թուրքիոյ մէջ շատ դժուար է բնակարանի տիրանալ, բնակարան գնել։
Թուրքիոյ կը յաջորդեն Նեփալ եւ Հնդկաստան՝ համապատասխանաբար 59.4 եւ 49.86 առ հարիւր համեմատութեամբ։
Չորրորդ տեղի վրայ է Ինտոնեզիա 48.35 առ հարիւր համեմատութեամբ եւ հինգերորդը՝ Հայաստան՝ 46.12 առ հարիւր համեմատութեամբ։
Տասնեակին մէջ են նաեւ Հարաւային Քորէա, Տոմինիքեան Հանրապետութիւնը, Պրազիլն ու Չիլին։