image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան կը մերժէ քննարկել «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը. Աղաջանեան

Հայաստան կը մերժէ քննարկել «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը. Աղաջանեան

Պաշտօնական Երեւանը բազմիցս յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցքի» տրամաբանութիւնը հայկական կողմի համար որեւէ կերպ ընդունելի չէ։ Այս մասին 26 յուլիսին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական ​​յանձնաժողովի նախագահ, ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտուարտ Աղաջանեանը։

Ան, մասնաւորապէս, մատնանշած է Եւրոխորհուրդի նախագահի գրասենեակի յայտարարութիւնը, որ մեկնաբանած էր Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնները։ «Կարեւոր եմ համարում նշել, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահի եւ ԵԽ նախագահի վերջին հանդիպումից յետոյ, երբ Ատրպէյճանի նախագահը համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ, այդ թւում` յիշատակելով «Զանգեզուրի միջանցքը», Եւրոխորհրդի նախագահի գրասենեակը պարզաբանում էր տարածել: Դրանում նրանք հերքմամբ էին հանդէս եկել՝ յայտարարելով, որ այդպիսի քննարկումներ չեն եղել»,- պարզաբանած է Աղաջանեանը։

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանի պահուածքը չօգներ եւ չի նպաստեր կառուցողական քննարկումներուն։ Պատգամաւորը մատնանշած է հարեւաններու պահուածքը՝ անոնց մեղադրելով նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու խախտման մէջ։ «Հայաստանը հրաժարւում է քննարկել Զանգեզուրի միջանցքի հարցը եւ ամենասկզբից հրաժարուել է անել դա»,- վստահեցուցած է պատգամաւորը։