Ընթացիկ տարուան յունուար-սեպտեմբեր ամիսներուն ՀՀ այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը նուազած է 6,9 տոկոսով։
Այսօր Ազգային Ժողովէն ներս 2025 թուականի պետական պիտճէի նախագիծը ներկայացնելու ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ Ելեւմուտի նախարար Վահէ Յովհաննիսեանը։
«Դա հիմնականում պայմանաւորուած է Ռուսիոյ Դաշնութիւնից զբօսաշրջիկների թուի 21,6 տոկոս նուազմամբ»,– ըսած է Յովհաննիսեանը:
Անոր խօսքով՝ թէպէտ Ռուսիայէն զբօսաշրջիկներու թիւը նուազած է, բայց 8,4 տոկոսով աւելցած է այլ երկիրներէ ժամանողներու թիւը, մասնաւորապէս՝ Իրանէն, Վրաստանէն, Չինաստանէն եւ Հնդկաստանէն։