ՀՀ վարչապետի աշխատակազմն Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին դիւանագիտական խողովակներով առաջարկած է ստեղծել հրադադարի ռեժիմի խախտման պարագաներու հետաքննութեան երկկողմ մեքենականութիւն: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Նշուած է, որ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարբերաբար տեղեկատուութիւն կը տարածէ, թէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան ստորաբաժանումներու կողմէ տեղի կ'ունենան հրադադարի ռեժիմի խախտումներ:
Չնայած այն հանգամանքին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է բոլոր այդ մեղադրանքները, Ատրպէյճան կը շարունակէ այդ օրինակ տեղեկատուութեան տարածումը:
Ընդգծուած է, որ Ատրպէյճանին նման առաջարկ ընելը շարունակութիւնն է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` յունիս 15-ին ըրած յայտարարութեան. ՀՀ կառավարութեան կամքն է` թոյլ չտալ լարուածութեան առաջացում։
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն առաջարկում է մեկնարկել նշուած մեխանիզմի գործնականացման աշխատանքները»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելցնենք, որ ՀՀ վարչապետն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանին առաջարկած է սպառազինութեան փոխադարձ վերահսկման մեքենականութիւն ստեղծել եւ չյարձակելու մասին պայմանագիր ստորագրել, եթէ պարզուի, որ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը սպասուածէն աւելի երկար ժամանակ պիտի պահանջէ։
Յիշեցնենք, որ երէկ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկու անգամ ապատեղեկատուութիւն տարածած է` իբրեւ թէ ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան հատուածը տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։
Ատրպէյճան նմանատիպ հաղորդագրութիւններ տարածած էր նաեւ յունիս 13–ին, 14–ին եւ 16–ին։