Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Միացեալ Նահանգներ այցի ընթացքին, Սպիտակ տան մէջ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի հետ:
Հաճիեւ X-ի իր էջով տեղեկացուցած է, որ հանդիպման քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութիւնը եւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հեռանկարները: Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խնդիրներ:
«Միտքեր փոխանակեցինք նաեւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան առաջխաղացման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շուրջ»,- նշած է Հաճիեւ: