Հայ-թրքական սահմանը հատել փորձած ատեն կալանաւորուած են օտարերկրեայ երեք քաղաքացիներ։ Ի պատասխան «Sputnik Armenia»-ի հարցման՝ տեղեկութիւնը հաստատած են Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն։
Գերատեսչութենէն տեղեկացուցած են, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գլխաւոր քննչական վարչութեան մէջ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է Արարատի մարզի հայ-թրքական սահմանը երկու օտարերկրացի քաղաքացիներու անօրինական հատելու հետ կապուած։ Գործ մը եւս յարուցուած է Արմաւիրի մարզին մէջ՝ «առանց անհրաժեշտ փաստաթղթերու եւ համապատասխան թոյլտուութեան» Հայաստանի սահմանը հատելու հետ կապուած։
Միջադէպը տեղի ունեցած է 20 օգոստոսին։ Ըստ տուեալներուն՝ սեպտեմբերի սկիզբը Բուրաստան գիւղի մօտ ռուս սահմանապահները բռնած են Պանկլատէշի երկու քաղաքացի, որոնք կը ցանկային անցնիլ Հայաստանէն Թուրքիա։
Երկրորդ դէպքի ժամանակ բռնուած է Թուրքիոյ քաղաքացի, որ կը ցանկար Թուրքիայէն անցնիլ Հայաստան, զայն կալանաւորած են Բերքաշատ գիւղի մօտ։ Յուլիսի վերջին սահմանը ապօրինաբար հատելու ժամանակ Սուրիոյ քաղաքացի բռնուած է ։
Միջպետական պայմանագրի ծիրէն ներս Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան Սահմանապահ վարչութիւնը Հայաստանի մէջ կը զբաղի Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Հայաստանի պետական սահմանի պահպանութեամբ։