image

Հայ-թրքական կարգաւորման հարցով բանագնացներու նոր հանդիպում դեռ նախատեսուած չէ

Հայ-թրքական կարգաւորման հարցով բանագնացներու նոր հանդիպում դեռ նախատեսուած չէ

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ դեռ հանդիպում նախատեսուած չէ, «Ազատութեան» հաղորդած են Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն։

Անցեալ տարեվերջին պաշտօնական Երեւանը լաւատեսութիւն յայտնեց, որ մօտ ապագային Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին մէջ, առնուազն նախկին պայմանաւորուածութիւններու մասով, թերեւս լաւ նորութիւն կ՚ունենան։

Հայ-թրքական կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ Սերտար Քըլըչը վերջին անգամ հանդիպած են 2022-ի յունիս 1-ին Վիեննայի մէջ, սա բանագնացներու պաշտօնական չորրորդ հանդիպումն էր։

Այդ հանդիպման կողմերը պայմանաւորուեցան բացնալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ: Իրականացման հարցով, սակայն, առաջընթաց չկայ: