Ամեն. Հոգեւոր Տէրը բերկրագին անդրադարձաւ «պատմականօրէն աննախընթաց իրողութեան մը մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, Հռոմի «Ս. Պետրոս» հրապարակին վրայ, երբ Ֆրանկիսկոս Սրբազան Քահանայապետը «Սուրբ» պիտի հռչակէ երկու հայազգի Երանելիները՝ Տէր Կոմիտաս Քհյ. Քէօմիւրճեան (1656-1707) եւ Հ. Իգնատիոս Արքեպիս. Մալոյեան (1869-1915) Նահատակները։ Այս պարագային ալ Գերերջ. Հայրապետը խօսք տուաւ Հ. Գրիգորիսին, որ ներկաներուն փոխանցէր որոշ ճշդումներ այս նիւթին շուրջ։
Հուսկ, գահերէց Կաթողիկոս-Պատրիարքը որպէս լիազօր Առաջնորդը Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին՝ կը յայտարարէր իր դիտաւորութիւնը նկատմամբ կառուցային բարեկարգումներ իրականացնելու իր վիճակին մէջ։ Այս առաջին հանդիպումով՝ կենդրոնացաւ «Դիւան-քարտուղարութեան» կենսական պաշտօնէութեան վրայ՝ նշելով, թէ Գերյ. Հ Նարեկ Ծ․Վ․ Մնոյեանին կը յանձնէր սոյն գրասենեակին համակարգումի պատասխանատուութիւնը՝ կրելով միաժամանակ «Դրան քարտուղարի» (sincello) տիտղոսը։
Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի կղերական դասի հաւաք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Զմմառի Պատրիարքական Կղերին պատկանող Եպիսկոպոսներ եւ միաբան Վարդապետներ։
Հանդիպումը սկսաւ «Ս. Աւետում» եկեղեցիին մէջ աղօթքի բացումով, որուն նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը։
Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը խօսք առաւ՝ գոհաբանական եւ երախտագիտական զգացումները բարձրացնելով Աստուծոյ, որ այս տարին ու ժամանակը շնորհեց բոլորիս՝ օգտագործելու զայն «բարին եւ դրական արժէքները հետապնդելու համար մեր եւ ուրիշներու հոգիներուն փրկութեան համար»։
Ապա, ժողովին գահերէց Կաթողիկոս-Պատրիարքը հրաւիրելէ յետոյ Հայրերը, որ ուշադրութիւն դարձնեն 2025 թուականի Տիեզերական Եկեղեցիին կողմէ յայտարարուած «Յոյսի Յոբելեան»-ին եւ անոր առընչուող ձեռնարկներուն, նկատի առնելով մասնաւորապէս 12-14 Մայիս 2025-ին կազմակերպուելիք արարողութիւնները, Հռոմի մէջ, խօսքը տուաւ իր խորհրդական, հոգեւոր ու մշակութային ձեռնարկներու վարիչ Գերյ. Հ. Գրիգորիս Ծ․Վ․ Սերէնեանին, որ ժողովականներուն փոխանցէր անդրագոյն մանրամասնութիւններ այս ուղղութեամբ։
Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը բերկրագին անդրադարձաւ «պատմականօրէն աննախընթաց իրողութեան մը մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, Հռոմի «Ս. Պետրոս» հրապարակին վրայ, երբ Ֆրանկիսկոս Սրբազան Քահանայապետը «Սուրբ» պիտի հռչակէ երկու հայազգի Երանելիները՝ Տէր Կոմիտաս Քհյ. Քէօմիւրճեան (1656-1707) եւ Հ. Իգնատիոս Արքեպիս. Մալոյեան (1869-1915) Նահատակները։ Այս պարագային ալ Գերերջ. Հայրապետը խօսք տուաւ Հ. Գրիգորիսին, որ ներկաներուն փոխանցէր որոշ ճշդումներ այս նիւթին շուրջ։
Հուսկ, գահերէց Կաթողիկոս-Պատրիարքը որպէս լիազօր Առաջնորդը Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին՝ կը յայտարարէր իր դիտաւորութիւնը նկատմամբ կառուցային բարեկարգումներ իրականացնելու իր վիճակին մէջ։ Այս առաջին հանդիպումով՝ կենդրոնացաւ «Դիւան-քարտուղարութեան» կենսական պաշտօնէութեան վրայ՝ նշելով, թէ Գերյ. Հ Նարեկ Ծ․Վ․ Մնոյեանին կը յանձնէր սոյն գրասենեակին համակարգումի պատասխանատուութիւնը՝ կրելով միաժամանակ «Դրան քարտուղարի» (sincello) տիտղոսը։
Պէյրութի Պատրիարքական Հայ Կաթողիկէ Թեմին վերաբերող կառոյցներուն համակարգումին համար «Լրատուական եւ Հաղորդակցութեան Գրասենեակ»-ին պատասխանատուութիւնը Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը յանձնեց Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ․Վ․ Թոփալեանին եւ Հայր Նարեկ Ծ․ Վրդ․ Մնոյեան-ին: Նոյն գրասենեակին աշխատանքային ծիրէն ներս՝ արաբերէն լեզուին բաժանմունքին համար նշանակեց որպէս օժանդակ անձ Պրն․ Շարպէլ Պասթուրին։
Ժողովը փակուեցաւ Ամենպտ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին «հրաւէրով՝ դարձեալ հաւաքուելու աղօթքի եւ խորհրդածութեան հանդիպումին», որ տեղի պիտի ունենայ Պատրիարքարանին մէջ, Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2025-ին, «Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից» պանծալի տօնին առիթով։
Պէյրութ, 12 Փետրուար 2025
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան