image

Հայ Կաթողիկէ Ապագայ Քահանաներու Սեմինար

Հայ Կաթողիկէ Ապագայ Քահանաներու Սեմինար

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հայ Կաթողիկէ Ապագայ Քահանաներու «կազմաւորման սեմինար»ը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքէն։

Այս առթիւ ալ հրապարակուած է շահեկան հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.-

Ապագայ քահանաներու կազմաւորումը ներկայ ժամանակներու պահանջներուն պատշաճեցնելու նպատակով եւ հիմնուելով կղերից Տիեզերական ժողովի կողմէ 2016-ի հրապարակուած «քահանայական կազմաւորման հիմնագիծին» "Ratio Fundamentalis Institutionis Sacerdotalis", հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նորընծայարաններու Ա․ համագումարը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, 1-5 օգոստոս 2021-ին, որպէս բնաբան ունենալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի 2014-ին կղերից Տիեզերական ժողովին ուղղած պատգամը՝ «պահպանել եւ խնամել կոչումները․․․ անոնք անտաշ անդամներ են»։

Համագումարը սկիզբ առաւ կիրակի 01 օգոստոս 2021-ին առաւօտեան Երեւանի Ս․Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ մէջ։ Ս․ Զոհը մատուցանեց թեմի առաջնորդ՝ Ռաֆայէլ Արք․ Մինասեանը, մասնակցութեամբ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան եւ Պէյրութի թեմի փոխանորդ՝ Գերպծ․ Գաբրիէլ Թ․Ծ․Վ․ Մուրատեանի եւ Ընծայարաններու տեսուչներուն։ Ապագայ քահանաներու կազմաւորման Ա ժողովի աշխատանքներուն ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ անհրաժեշտութիւն՝ նոր ոգիով եւ 21-րդ դարու դ․կեանքի դրութիւններու վրայ վերարժեւորելու եւ վերակազմակերպելու քահանայական կազմաւորման աշխատանքը՝ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նորընծայարաններէն ներս։

Աշխատանքներուն ընթացքին լրջօրէն ուսումնասիրուեցան կղերից Տիեզերական ժողովի կողմէ հրապարակած «քահանայական կազմաւորման հիմնագիծ»-ին մէջ ներկայացուած քահանաներուն կազմութեան մէջ մեծ դեր խաղացող չորս չափորոշիչները՝ մարդկային, հոգեւոր, մտաւոր եւ հովուական։ Քահանան իբր կոչեցեալ եւ այլ ոմն Քրիստոս պիտի ցոլացնէ կենդանի պատկերը Քրիստոսի։ Ուստի, կարելիութեան չափով ան պիտի իրականացնէ իր մէջ մարդկային կատարելիութիւնը՝ մտային պարկեշտութեամբ, խոնարհութեամբ, քաջութեամբ, հաւասարակշռուած դատողութեամբ, հանդուրժողականութեամբ ու թափանցիկութեամբ։ Շեշտը դրուեցաւ հոգեբանական բաժնին՝ անհատականութեան կազմութեան եւ հաւասարակշռուած սեռականութեան։

Հիմնական կարեւորութիւն տրուեցաւ քահանային կեանքին ու գործունէութեան մէջ հոգեւոր եւ իմացական ու մտաւոր չափանիշներուն, որոնք ողնածուծն են քահանայութեան։ Արդարեւ շեշտը դրուեցաւ անհատական աղօթքներուն եւ ծիսակատարութեան, որուն ներդրումը կը կազմէ Ս․Պատարագի զոհը։ Դարձեալ խօսուեցաւ հովուական կազմաւորումի մասին, որուն նպատակն է պատրաստել ճշմարիտ հովիւներ հոգիներու, նմանութեամբ Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի, որ է վարդապետ, քահանայ եւ հովիւ։ Ինչպէս նաեւ ուսումնասիրուեցաւ ընկերային հաղորդամիջոցներու դրական ձեւերով օգտագործումը, արծարծումն ու բարի Աւետիսի տարբեր ձեւերով տարածումը։

Համագումարին ընթացքին խորունկ խորհրդածութեան եւ գործնական մերձեցումի առիթ տրուեցաւ ժառանգաւորներուն։ Անոնք իրենց տեսակէտները պարզեցին այսօրուան դրութեան մէջ կազմաւորումի մարտահրաւէրներուն, յատկապէս ապագայ հովիւներու կեանքին համար, ինչպէս եւ առաջարկներ ներկայացուցին ապագայի կազմաւորումը կատարելագործելու համար։

Ժողովը եզրափակուեցաւ յանգելով կարեւոր եւ նոր որոշումներու, ինչպէս՝ 

- Ընծայարաններու ներքին կանոնագրքի պատրաստութիւն։

- Առաջարկներու ձեւաւորում եւ Սիւնհոդոսական հայրերու ժողովին ներկայացում՝ ուսումնասիրելու եւ զանոնք պատեհ առիթին կեանքի կոչելու նպատակով։

- Ընծայարաններու տեսուչներու միացեալ համադրում նոր կոչումներ որոնելու։

- Նման համագումարներու կազմակերպութիւն երկու տարին անգամ մը։

 

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Ընծայարաններու տեսչութեանց