image

Հալէպ. Նախագահութեամբ համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին տեղի ունեցած է «Քրիստոնեայ Ջանից»ի սեմինարը

Հալէպ. Նախագահութեամբ համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին տեղի ունեցած է «Քրիստոնեայ Ջանից»ի սեմինարը

Օրերս եւ նախագահութեամբ համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին տեղի ունեցած է «Քրիստոնեայ Ջանից»ի երիտասարդութեան հարցերուն նուիրուած սեմինարը։

Ստորեւ ատոր մասին տրուած հաղորդագրութիւնը ՝

Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2025-ին, Ք.Ջ. Գործադիր Մարմինի Սուրիոյ բաժինի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ երիտասարդական սեմինար համայնքապետարանի «Թէհլիրեան» սրահին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկ. Սեւան Քէլէշեան-Տէր Սահակեան։ Սեմինարի հիմնական նպատակը երիտասարդութեան առաջնահերթութիւնները ճշդելն ու համատեղ ուղիները պարզելն էր:

Սեմինարին մասնակցեցան 65 երիտասարդներ Հալէպէն եւ Քեսապէն: Բանախօսութեամբ ելոյթ ունեցաւ հոգեբան-խորհրդատու Քրիսթինա Շամմութ, որ մասնակիցներուն ներկայացուց հոգեբանական առողջութեան, ինքնագիտակցութեան եւ անձնական զարգացումներու արդիական մեթոդտներ: Բանախօսը ընդգծեց, թէ երիտասարդութեան ուղիները յաճախ յառաջացող են, եւ կարեւոր է ստեղծել աջակցող միջավայր, որպէսզի անձնական եւ ընկերային կարողութիւնները լիարժէք զարգանան:

Սեմինարի ընթացքին տեղի ունեցան աշխոյժ խմբային քննարկումներ եւ աշխատանքային խումբեր, որոնք անդրադարձան կրթական, հաղորդակցական եւ համայնքային մասնակցութեան առաջնահերթ հարցերուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդական ձայնի ամրապնդման անհրաժեշտութեան: Մասնակիցները ներկայացուցին որոշակի նախաձեռնութիւններ, որոնք կ’օգնեն պաշտպանելու երիտասարդութեան շահերը եւ նպաստելու համայնքի առողջ եւ ներդաշնակ զարգացման:

Աւարտին եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, որ ընդգծեց ինքնաճանաչման ու իրական արժէքի իմացութեան կարեւորութիւնը՝ ոչ թէ ունեցուածքներու վրայ, այլ Աստուծոյ զաւակ ըլլալու արժէքի մէկնակէտով: Համայնքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսին եւ բոլոր ներկաներուն, ապա յուշանուէր փոխանցեց անոր:

Այնուհետեւ Ք.Ջ. Գործադիր Մարմինի Սուրիոյ բաժինի ատենապետ Տիկ. Սեւան Քէլէշեան-Տէր Սահակեան իր շնորհաւորանքը յայտնեց Համայնքապետին Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ եւ յիշատակի նուէր փոխանցեց: 

Հաւաքը եզրափակուեցաւ հաւաքական ընթրիքով: