Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան 8 Սեպտեմբերն Փենթակոնի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի քաղաքականութեան հարցերու տեղակալ Քոլին Քահլի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ամերիկեան պաշտպանական համագործակցութեան ամբողջ օրակարգը, պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են խաղաղապահ առաքելութեան, ռազմական կրթութեան, ռազմական բժշկութեան եւ միւս ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան խորացման ուղղութեամբ:
Ամերիկեան կողմին խնդրանքով, Պապիկեան ներկայացուցած է Հայաստանի շուրջ ձեւաւորուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը, յատկապէս՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը:
Կողմերը կարեւոր նկատած են տարածաշրջանային երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու ջանքերը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային ապահովութեան հարցերուն: