Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կը ստեղծեն Կովկասի նոր աշխարհագրութիւն: Այս մասին թրքական լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական՝ Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը Հայաստանին կը յայտնեն իրենց խաղաղասիրական դիրքորոշումը: Երկու երկիրները պատրաստ են միաժամանակ կարգաւորել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ բանալ իրենց սահմանները: Սակայն Հայաստանը պէտք է հրաժարի թրքական եւ ատրպէյճանական հողերուն նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն:
«Ատրպէյճան պիտի շարունակէ իր պայքարը, եղբայրական Թուրքիոյ հետ մենք կը ստեղծենք նոր աշխարհագրութիւն», ընդգծած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնականը` մեկնաբանելով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի իրականացման շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: