image

Հաշուեյարդար Ղըպտի հաւատացեալին դէմ. «Տահէշ» Սինայի մէջ կ՚աշխուժանայ

Հաշուեյարդար  Ղըպտի հաւատացեալին դէմ. «Տահէշ»   Սինայի մէջ կ՚աշխուժանայ

Եգիպտոսի Սինայ  նահանգի հիւսիսային շրջանին  մէջ, «Տահէշ»  հաշուեյարդարի  ենթարկած է   Ղըպտի  հաւատացեալ մը։

 

  Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն քաղեց  RT     կայանէն,  որ  մասնաւորապէս  նշած էր, որ  անցնող 8 նոյեմբեր, 2020-ին,  «Իսլամական  պետութեան»  ահաբեկիչներ անդամները առեւանգած էին Ղըպտի հաւատացեալ Նապիլ Հապաշին: Անոնք փողոցին մէջ զէնքեր կրելով,   յարձակած էին վերջինիս  ինքնաշարժին  ուղղութեամբ , ապա զինք  բռնի կերպով ինքնաշարժին մէջ դրած ու տարած էին  անորոշ ուղղութեամբ: Առեւանգումէն ետք,  անոնք կապուած էին Նապիլի հարազատներուն  հետ եւ պահանջած 5 միլիոն եգիպտական   կինէ, որպէս փրկագին:

 

 Դէպքէն 6 ամիս ետք, 18 ապրիլի 2021-ին, «Տահէշ»ի զինեալներ  տեսանիւթ հրապարակած են, ուր կը գնդակահարեն Նապիլ Հապաշին, ու կը սպառնան Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն, որոնք կ'աջակցին Եգիպտոսի պետութեան ու բանակին:

 

Եգիպտոսի ոստիկանութիւնը հետեւելով այս խմբաւորումին, ի վերջոյ կրցած է  որոշել  խմբակցութեան  ամէնէնէն վտանգաւոր երեք անդամներուն  գտնուած   վայրը։Ահաբեկիչներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ փոխհրաձիգութիւն տեղի ունեցած ատեն, ահաբեկիչներէն մէկը, պայթեցուցած է իր վրայի կրած պայթուցիկներու գօտին: Ոստիկանութիւնը կրցած է գիտնալ երկու ահաբեկիչներու ինքնութիւնը: Նաեւ կրցած են ձերբակալել երեք ուրիշ ահաբեկիչներ: Ըստ ոստիկանութեան, այս խմբաւորումը, Նապիլ Հապաշիի առեւանգումի իրագործողն է:

 

Ի դէպ 62 տարեկան Նապիլ Հապաշի Սալամէ, Ղըպտի քրիստոնեայ մըն էր, որ իր  նուիրատուութիւններով  կառուցած էր Ղըպտիներու «Ս. Աստուածամայր» եկեղեցին «Պիր Ալ Ապտ» քաղաքին մէջ:

 

Իր հերթին, Ղըպտիներու Ուղղափառ եկեղեցին՝ Թաւատրոս Բ. Պապին   գլխաւորութեամբ, սգաց ու դատապարտեց Նապիլ Հապաշիի սպաննութիւնը, եւ աւելցուց, որ «եկեղեցին միշտ պետութեան հակաահաբեկչական գործունէութեանց կողքին է, եւ այդ գործողութիւնները կը նպաստեն Եգիպտոսի ազգային միասնականութեան»: