Թրքական T24.com կայքի Լրագրող Հասան Ճեմալ անդրադարձած է երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին:Ճեմալ, որ հեղինակն է «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւն»ը գրքին Twitter-եան գրառում մը կատարելով նկատել տուած է, թէ «Սուլթան Էրտողան պիտի փորձէ արեան եւ արցունքներու վրայ խաղադրոյքներ ընելով երկրին մէջ նոր արտահերթ ընտրութիւններ կայացնել»: Ըստ Ճեմալի Էրտողանի այս մօտեցումը կրնայ ծանր վիճակի մատնել երկիրը եւ բազմաթիւ կեանքեր խլել: Նշենք, որ տարբեր վերլուծաբաններ նոյնպէս ըսած են , որ Թուրքիոյ նախագահը այս իրավիճակը կրնայ շահագործել իշխող AKP կուսակցութեան վարկը կանխահաս ընտրութեանց ճանապարհով բարձրացնելու համար: