image

Էրտողան Ուքրանիա պիտի այցելէ

Էրտողան Ուքրանիա պիտի այցելէ

Ուքրանիան կը պատրաստուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի այցելութեան։ Այցելութեան գլխաւոր թեման կրնայ ըլլալ Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագրի վաւերացումը։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Նարիման Ճելալը՝  rbc.ua-ին տուած հարցազրոյցին։

Ըստ դեսպան Ճելալին՝ ուքրանական կողմը այժմ աշխոյժ կը գործէ Էրտողանի Ուքրանիա կատարելիք այցելութիւնը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի անձնական հրաւէր ուղղած է Էրտողանին, ինչպէս նշած է դիւանագէտը։

«Այս այցելութիւնը մեծ ջանքեր կը պահանջէ, քանի որ կան բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան անոր իրագործման»,– ըսած է Ճելալը։

Դիւանագէտը նաեւ նշած է, որ այցելութեան գլխաւոր թեման կրնայ ըլլալ Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի վաւերացումը։ Ըստ իրեն՝ այս փաստաթուղթը կարեւոր է թէ՛ ռազմավարական գործընկերութեան համար, եւ թէ՛ ուքրանական ձեռնարկութեան զգալի հատուածին։

«Նախագահ Զելենսքիի հրաւէրը շատ յստակ է. Թուրքիան շահագրգռուած է ազատ առեւտուրի համաձայնագիր ստորագրելու հարցով։ Այս համաձայնագիրը կարեւոր է նաեւ մեր գործարար համայնքի զգալի մասի համար, թէեւ որոշներու համար կրնայ մրցակցութեան սրման պատճառով լարուածութիւն ստեղծել։ Այնուամենայնիւ, սա քաղաքական որոշում է։ Նախագահ Զելենսքին առաջարկեց, որ համաձայնագիրը վաւերացուի Էրտողանի այցելութեան ընթացքին, որ բարի եւ խորհրդանշական քայլ պիտի ըլլայ»,– բացատրած է Ճելալը։