image

Էրտողան յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 

Էրտողան յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է, յայտնած են Թուրքիոյ նախագահի մամուլի ծառայութենէն։

«Հայկական կողմի խնդրանքով տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները։ Էրտողանը շնորհաւորած է վարչապետ Փաշինեանը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութեան հասնելու կապակցութեամբ։

«Նշելով, որ խաղաղութեան իր կամքը արժէքաւոր է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան համար, Էրտողան շեշտած է, որ այդ քայլը պէտք է վերածուի յստակ գործողութիւններու։

Յայտարարելով, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու համար բանակցութիւնները տեխնիկական մակարդակով պիտի շարունակուին, Էրտողան աւելցուցած է, որ այդ ուղղութեամբ ջանքերը պիտի շարունակուին»,- նշած են Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակէն։