image

Հարիւր օր կամ ցեղասպանութեան մը վկայութիւնը

Հարիւր օր կամ ցեղասպանութեան մը վկայութիւնը

Ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րը չեն քօ­ղար­կուիր։ Կը կա­տարո­ւին լռու­թիւնը որ­դեգրած ակա­նատես­նե­րու աչ­քե­րուն առ­ջեւ։ Ինչքան սուր ըլ­լայ ցե­ղաս­պա­նուած­նե­րու աղա­ղակը, նոյնն է, կը բա­խի լռու­թեան թանձր պա­տի եւ կը մա­րի այդ պա­տին մէջ։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պայ­մաննե­րուն անի­մաստ կը դառ­նայ «Մար­դու իրա­ւունքներ» եզ­րը։ Այդ պայ­մաննե­րու մէջ ամե­նացա­ւալին ալ ցե­ղաս­պա­նուած­նե­րուն այդ մեծ ոճիր­նե­րուն հե­ղինակ­նե­րը դար­ձած պե­տու­թիւննե­րուն «ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչցի՛ր» ըսե­լով դի­մելն է։ Որ­դին սպա­նող հօր մը դառ­նա­լով «Այս ոճի­րը դո՞ւն գոր­ծե­ցին» հարցնե­լու նման անի­մաս­տութիւն մը։ Բայց կայ աւե­լի ծան­րը։ Աւե­լի ան­տա­նելին, որ կը նա­խատէ քա­ջու­թիւնը։ Այդ մէ­կը կա­տարո­ւած­նե­րու հան­դէպ յա­մառօ­րէն շա­րու­նա­կուող քար լռու­թիւնն է։

 

 

Այս շա­բաթ ձե­զի կը ներ­կա­յաց­նեմ զո­ւիցե­րիական գրա­կանու­թեան ժա­մանա­կակից հե­ղինակ մը, Լու­քաս Պար­ֆուսսը։ Ան ար­դէն որոշ համ­բաւ կը վա­յելէր թատ­րերգու­թիւննե­րով, որոնք կը բե­մադ­րո­ւէին աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրնե­րուն։ «Հա­րիւր Օրե­րը» վէ­պը, անոր՝ ակա­նատե­սի վկա­յու­թիւններն են, որոնք ըն­թերցո­ղին կը փո­խան­ցո­ւին վէ­պի մը կա­ղապա­րով։

Լու­քա­մի պա­տումնե­րը ըն­թերցող­նե­րը կ՚առաջ­նորդեն դէ­պի մօտ ան­ցեալ՝ 1994 տա­րեթի­ւը։

Գիր­քի էջե­րը թեր­թե­լով ըն­թերցո­ղը զինք կը գտնէ զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թեան մը ալե­կոծումնե­րով տո­ւայ­տող Ռո­ւան­տա­յի մէջ։ Այդ պա­հուն յան­կարծ կը մտա­բերենք թէ զո­ւիցե­րացի գրող մը, որ կը վա­յելէ քա­ղաքա­կիրթ աշ­խարհի ըն­ծա­յած բա­րիք­նե­րը, ի՞նչ գործ կ՚ու­նե­նայ Ռո­ւան­տա եւ ինչպէ՞ս իր ճա­կատա­գիրը կը կա­պէ այդ յե­տամ­նաց երկրի թշո­ւառ ժո­ղովուրդին մէջ։

Կար­ծես թէ խնդրին ամե­նաէական հար­ցադրումն ալ այսպէս կը ձե­ւաւո­րուի։ Ռո­ւան­տա­յի մէջ պա­տահած­նե­րը զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թիւն ըլ­լա­լով բնու­թագրե­լը բա­ւական թե­րի ար­տա­յայ­տութիւն մըն է։ Ար­դա­րեւ այս յե­ղափո­խու­թիւնով ծա­ւալած ոճ­րա­գոր­ծութիւննե­րը նկա­րագ­րե­լու հա­մար որ­դեգրո­ւեցաւ շատ աւե­լի ճշգրիտ ար­տա­յայ­տութիւն մը՝ Ռո­ւան­տայնի ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը։ Ընդ ամէ­նը հա­րիւր օրե­րու ըն­թացքին Ռո­ւան­տա­յի մէջ 800 հա­զար թութսի­ներ վայ­րա­գօրէն սպա­նուե­ցան հու­թունե­րու ձե­ռամբ։ Այդ օրե­րու ըն­թացքին հու­թունե­րու կա­ռավա­րու­թեան ամե­նասերտ գոր­ծա­կիցն ալ Ֆրան­սան էր։

Ա. Աշ­խարհա­մար­տի աւար­տին Ռո­ւան­տան յանձնո­ւեցաւ Պել­ժիոյ։ Ժո­ղովուրդը ստրու­կացնո­ղը մտրա­կելով աշ­խա­տան­քի լծո­ղը ու­րիշ մէ­կը չէր, եթէ ոչ ներ­կա­յիս ԵՄ-ի կեդ­րոն հան­դի­սացող Պել­ժիան։

Լու­քաս Ռո­ւան­տա կը գտնո­ւէր մաս կազ­մե­լով Զո­ւիցե­րիոյ զար­գացման եւ հա­մագոր­ծակցու­թեան կազ­մա­կեր­պութեան։ Այս կազ­մա­կեր­պութիւ­նը տեղ հաս­նե­լէ առաջ ար­դէն որ­դեգրած էր եր­կե­րես ռազ­մա­վարու­թիւնը մը։ Նպա­տակադ­րած էին իշ­խող կա­ռավա­րու­թեան հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը սերտ պա­հել եւ եղե­լու­թիւննե­րը փո­խան­ցել իրենց հա­մար շատ ծա­նօթ, հետզհե­տէ սո­վորա­կան դար­ձած «Մտա­հոգու­թեամբ կը հե­տեւինք» նա­խադա­սու­թեամբ բնու­թագրել։ Կազ­մա­կեր­պութեան այս մեր­ձե­ցու­մէն կը գա­նի Լու­քաս։ Երբ մարդկա­յին բո­լոր ար­ժէքնե­րը կը բռնա­բարո­ւին, ի՞նչ իմաստ կրնայ ու­նե­նալ շէն­քե­րու եւ քա­ղաքի ծրագ­րա­ւորու­մը։ Գո­յու­թիւն չու­նե­ցող տնտե­սու­թեան զար­գա­ցու­մը ի՞նչ իմաստ ու­նի։ Հե­ղինա­կը կը սկսի թէ կազ­մա­կեր­պութեան եւ թէ ան­հա­տաբար իր այս հո­ղերու վրայ գո­յու­թեան պատ­ճառնե­րը լու­սա­բանե­լու։ Ան­հա­ղորդ չէ Լու­քա­սը։ Ո՛չ բռնու­թեան դէմ, եւ ոչ ալ սի­րոյ։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թարկո­ւած ժո­ղովուրդի մը լռու­թիւնը պսա­կի մը նման կրող աղ­ջիկ մըն է Ակա­դէն, որ կը գրա­ւէ Լու­քա­սի սիր­տը։ Լու­քաս ազ­դո­ւած է Ակա­դէի լուռ դի­մադ­րութե­նէն, անոր հի­ւանդնե­րու եւ վի­րաւոր­նե­րու խնամ­քէն։

Մեկ­նարկած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծընթա­ցը։ Զի­նուոր­նե­րը աշ­խարհի աչ­քե­րուն առ­ջեւ կը դի­մեն զան­գո­ւածա­յին մար­դասպա­նու­թեան։ Իրա­կանու­թեան մէջ այս մէ­կը ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րու յա­տուկ բնոյթ է։ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րը չեն քօ­ղար­կուիր։ Կը կա­տարո­ւին լռու­թիւնը որ­դեգրած ակա­նատես­նե­րու աչ­քե­րուն առ­ջեւ։ Ինչքան սուր ըլ­լայ ցե­ղաս­պա­նուած­նե­րու աղա­ղակը, նոյնն է, կը բա­խի լռու­թեան թանձր պա­տի եւ կը մա­րի այդ պա­տին մէջ։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պայ­մաննե­րուն անի­մաստ կը դառ­նայ «Մար­դու իրա­ւունքներ» եզ­րը։ Այդ պայ­մաննե­րու մէջ ամե­նացա­ւալին ալ ցե­ղաս­պա­նուած­նե­րուն այդ մեծ ոճիր­նե­րուն հե­ղինակ­նե­րը դար­ձած պե­տու­թիւննե­րուն «ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչցի՛ր» ըսե­լով դի­մելն է։ Որ­դին սպա­նող հօր մը դառ­նա­լով «Այս ոճի­րը դո՞ւն գոր­ծե­ցին» հարցնե­լու նման անի­մաս­տութիւն մը։ Բայց կայ աւե­լի ծան­րը։ Աւե­լի ան­տա­նելին, որ կը նա­խատէ քա­ջու­թիւնը։ Այդ մէ­կը կա­տարո­ւած­նե­րու հան­դէպ յա­մառօ­րէն շա­րու­նա­կուող քար լռու­թիւնն է։

Լու­քաս պատ­մեց այն ինչ որ ապ­րե­ցաւ։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեկ­նարկու­մով, երբ երկրի եւ­րո­պացի­ները ինքնա­թիռ­նե­րով կը հե­ռանա­յին, ան վեր­ջին պա­հուն հրա­ժարե­ցաւ այդ փա­խուստէն։ Մնաց եւ ան­ձամբ ապ­րե­ցաւ այդ փոր­ձը։ Այ­սօր եւս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կը կա­տարո­ւի Կա­զայի մէջ եւ կեղ­ծա­ւոր Եւ­րո­պան կրկին կը շա­րու­նա­կէ նոյն դիր­քը եւ մտա­հոգու­թեամբ կը հե­տեւի կա­տարո­ւած­նե­րուն։

Քուրթուլուշ Պաշթըմար

Նիւթը՝ «Ակօս»էն / Պոլիս