Ցեղասպանութիւնները չեն քօղարկուիր։ Կը կատարուին լռութիւնը որդեգրած ականատեսներու աչքերուն առջեւ։ Ինչքան սուր ըլլայ ցեղասպանուածներու աղաղակը, նոյնն է, կը բախի լռութեան թանձր պատի եւ կը մարի այդ պատին մէջ։ Ցեղասպանութեան պայմաններուն անիմաստ կը դառնայ «Մարդու իրաւունքներ» եզրը։ Այդ պայմաններու մէջ ամենացաւալին ալ ցեղասպանուածներուն այդ մեծ ոճիրներուն հեղինակները դարձած պետութիւններուն «ցեղասպանութիւնը ճանչցի՛ր» ըսելով դիմելն է։ Որդին սպանող հօր մը դառնալով «Այս ոճիրը դո՞ւն գործեցին» հարցնելու նման անիմաստութիւն մը։ Բայց կայ աւելի ծանրը։ Աւելի անտանելին, որ կը նախատէ քաջութիւնը։ Այդ մէկը կատարուածներու հանդէպ յամառօրէն շարունակուող քար լռութիւնն է։
Այս շաբաթ ձեզի կը ներկայացնեմ զուիցերիական գրականութեան ժամանակակից հեղինակ մը, Լուքաս Պարֆուսսը։ Ան արդէն որոշ համբաւ կը վայելէր թատրերգութիւններով, որոնք կը բեմադրուէին աշխարհի զանազան երկիրներուն։ «Հարիւր Օրերը» վէպը, անոր՝ ականատեսի վկայութիւններն են, որոնք ընթերցողին կը փոխանցուին վէպի մը կաղապարով։
Լուքամի պատումները ընթերցողները կ՚առաջնորդեն դէպի մօտ անցեալ՝ 1994 տարեթիւը։
Գիրքի էջերը թերթելով ընթերցողը զինք կը գտնէ զինուորական յեղափոխութեան մը ալեկոծումներով տուայտող Ռուանտայի մէջ։ Այդ պահուն յանկարծ կը մտաբերենք թէ զուիցերացի գրող մը, որ կը վայելէ քաղաքակիրթ աշխարհի ընծայած բարիքները, ի՞նչ գործ կ՚ունենայ Ռուանտա եւ ինչպէ՞ս իր ճակատագիրը կը կապէ այդ յետամնաց երկրի թշուառ ժողովուրդին մէջ։
Կարծես թէ խնդրին ամենաէական հարցադրումն ալ այսպէս կը ձեւաւորուի։ Ռուանտայի մէջ պատահածները զինուորական յեղափոխութիւն ըլլալով բնութագրելը բաւական թերի արտայայտութիւն մըն է։ Արդարեւ այս յեղափոխութիւնով ծաւալած ոճրագործութիւնները նկարագրելու համար որդեգրուեցաւ շատ աւելի ճշգրիտ արտայայտութիւն մը՝ Ռուանտայնի ցեղասպանութիւնը։ Ընդ ամէնը հարիւր օրերու ընթացքին Ռուանտայի մէջ 800 հազար թութսիներ վայրագօրէն սպանուեցան հութուներու ձեռամբ։ Այդ օրերու ընթացքին հութուներու կառավարութեան ամենասերտ գործակիցն ալ Ֆրանսան էր։
Ա. Աշխարհամարտի աւարտին Ռուանտան յանձնուեցաւ Պելժիոյ։ Ժողովուրդը ստրուկացնողը մտրակելով աշխատանքի լծողը ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ ներկայիս ԵՄ-ի կեդրոն հանդիսացող Պելժիան։
Լուքաս Ռուանտա կը գտնուէր մաս կազմելով Զուիցերիոյ զարգացման եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան։ Այս կազմակերպութիւնը տեղ հասնելէ առաջ արդէն որդեգրած էր երկերես ռազմավարութիւնը մը։ Նպատակադրած էին իշխող կառավարութեան հետ յարաբերութիւնները սերտ պահել եւ եղելութիւնները փոխանցել իրենց համար շատ ծանօթ, հետզհետէ սովորական դարձած «Մտահոգութեամբ կը հետեւինք» նախադասութեամբ բնութագրել։ Կազմակերպութեան այս մերձեցումէն կը գանի Լուքաս։ Երբ մարդկային բոլոր արժէքները կը բռնաբարուին, ի՞նչ իմաստ կրնայ ունենալ շէնքերու եւ քաղաքի ծրագրաւորումը։ Գոյութիւն չունեցող տնտեսութեան զարգացումը ի՞նչ իմաստ ունի։ Հեղինակը կը սկսի թէ կազմակերպութեան եւ թէ անհատաբար իր այս հողերու վրայ գոյութեան պատճառները լուսաբանելու։ Անհաղորդ չէ Լուքասը։ Ո՛չ բռնութեան դէմ, եւ ոչ ալ սիրոյ։
Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը լռութիւնը պսակի մը նման կրող աղջիկ մըն է Ակադէն, որ կը գրաւէ Լուքասի սիրտը։ Լուքաս ազդուած է Ակադէի լուռ դիմադրութենէն, անոր հիւանդներու եւ վիրաւորներու խնամքէն։
Մեկնարկած է ցեղասպանութեան գործընթացը։ Զինուորները աշխարհի աչքերուն առջեւ կը դիմեն զանգուածային մարդասպանութեան։ Իրականութեան մէջ այս մէկը ցեղասպանութիւններու յատուկ բնոյթ է։ Ցեղասպանութիւնները չեն քօղարկուիր։ Կը կատարուին լռութիւնը որդեգրած ականատեսներու աչքերուն առջեւ։ Ինչքան սուր ըլլայ ցեղասպանուածներու աղաղակը, նոյնն է, կը բախի լռութեան թանձր պատի եւ կը մարի այդ պատին մէջ։ Ցեղասպանութեան պայմաններուն անիմաստ կը դառնայ «Մարդու իրաւունքներ» եզրը։ Այդ պայմաններու մէջ ամենացաւալին ալ ցեղասպանուածներուն այդ մեծ ոճիրներուն հեղինակները դարձած պետութիւններուն «ցեղասպանութիւնը ճանչցի՛ր» ըսելով դիմելն է։ Որդին սպանող հօր մը դառնալով «Այս ոճիրը դո՞ւն գործեցին» հարցնելու նման անիմաստութիւն մը։ Բայց կայ աւելի ծանրը։ Աւելի անտանելին, որ կը նախատէ քաջութիւնը։ Այդ մէկը կատարուածներու հանդէպ յամառօրէն շարունակուող քար լռութիւնն է։
Լուքաս պատմեց այն ինչ որ ապրեցաւ։ Ցեղասպանութեան մեկնարկումով, երբ երկրի եւրոպացիները ինքնաթիռներով կը հեռանային, ան վերջին պահուն հրաժարեցաւ այդ փախուստէն։ Մնաց եւ անձամբ ապրեցաւ այդ փորձը։ Այսօր եւս ցեղասպանութիւն կը կատարուի Կազայի մէջ եւ կեղծաւոր Եւրոպան կրկին կը շարունակէ նոյն դիրքը եւ մտահոգութեամբ կը հետեւի կատարուածներուն։
Քուրթուլուշ Պաշթըմար
Նիւթը՝ «Ակօս»էն / Պոլիս