Իսրայէլ օդային հարուածներ հասցուցած է Կազայի հարաւը գտնուող Խան Եունիսի ալ Մավասի շրջանին, որու հետեւանքով կան տասնեակ զոհեր ու հարիւրաւոր վիրաւորներ։ Այս մասին տեղեկացուցած է ՌԻԱ Նովոսթին՝ Կազայի առողջապահութեան նախարարութեան յղումով։
Գերատեսչութեան տուեալներով՝ զոհերու թիւը հասած է 71-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 289-ի։ Հաղորդագրութեան համաձայն զոհերը քաղաքաքացիական անձեր են ու պատերազմի հետեւանքով տեղահանուածներ։ Նշուած է նաեւ, որ վիրաւորներէն շատերը լուրջ վնասուածքներ ստացած են ։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ յարձակման հետեւանքով զոհուած է քսան մարդ, տուժած՝ աւելի քան 90-ը։ Իսրայէլեան «Կալէյ Ցախալ» բանակային ռատիոկայանի հաղորդմամբ՝ օդային հարուածներու թիրախը պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման ռազմական թեւի ղեկավար Մուհամմատ Տէյֆն էր։