Հարաւային Կովկասի մէջ արտատարածաշրջանային խաղացողներու հնարաւոր ներկայութիւնը մտահոգիչ է․ վախ կայ, որ անոնց ներկայութիւնը կը խախտէ ստեղծուած հաւասարակշռութիւնը այս չափազանց փխրուն շրջանին մէջ։
Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։
«Կարելի չէ չըսել, որ մտահոգութիւն գոյութիւն ունի Հարաւային Կովկասի մէջ արտատարածաշրջանային ներկայացուցիչներու հնարաւոր ներկայութեան վերաբերեալ։ Վախ կայ, որ նման ներկայութիւնը կրնայ խախտել ստեղծուած հաւասարակշռութիւնը այս չափազանց փխրուն շրջանին մէջ»,– Օվերչուքը այս մասին նշած է Արեւելեան տնտեսական ֆորումին, պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք վտնագեր գոյութիւն ունին Ռուսիոյ համար՝ կապուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերահսկողութիւնը 99 տարի ժամկէտով Միացեալ Նահանգներուն փոխանցելու հետ։