image

Հարաւային Կովկասի խնդրով Միացեալ Նահանգները յանձնառու

Հարաւային Կովկասի խնդրով Միացեալ Նահանգները յանձնառու

Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ պահպանել իր յանձնառութիւնը՝ նպաստելու Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի անվտանգ, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագային, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը։

«Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի անվտանգ, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայի խթանման: Մենք կը շարունակենք ներգրաւուած մնալ երկկողմանիօրէն, համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպիսին է Եւրոմիութիւնը, նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջոցով, ինչպիսին է ԵԱՀԿ-ը՝ նպաստելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեանն առնչուող կամ անկէ բխող բոլոր առկայ հիմնախնդիրներուն լուծումներ գտնելու համար»,-ըսած է Փրայս:

«Քանի մը առիթ եղած է, երբ քարտուղարը ինքը հնարաւորութիւն ունեցած է համախմբելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր գործընկերները։ Մենք պիտի շարունակենք այս գործը, որ, մեր գնահատմամբ, ունի լաւագոյն հեռանկարները՝ առաջ տանելու անվտանգ, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի այդ տեսլականը։ Մենք, ի հարկէ, կ'ուզենք տեսնել, որ կողմերը իրենք առաջընթաց կը գրանցեն։ Թէ ինչպիսին կ'ըլլայ այս հակամարտութեան համապարփակ լուծումը, մեր որոշելու հարցը չէ: Այդ կ'ենթադրէ ծանր աշխատանք, որ կողմերը իրենք պէտք է ընեն», — ըսած է Փրայս: