Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ), հակառակ Հայաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան զեկոյցին, նախկինի պէս Հայաստանը կը համարէ իր դաշնակիցը: Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է կազմակերպութեան աղբիւրը։
Աւելի վաղ Հայաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնն իր զեկոյցին մէջ քիչ հաւանական համարած է, որ 2025 թուականին ՀԱՊԿ-ի մէջ Երեւանի մասնակցութիւնը սառեցնելու հիմքերը պիտի վերանան։