«Կենսաբանական (մանրէաբանական) եւ թունաւոր զէնքի մշակման անթոյլատրելիութեան մասին» ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի յայտարարութեան նախագիծի հետ կապուած հայկական կողմի առարկութիւններն ընդունուած են։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ Ազգային ժողովի աշխատակազմը` աւելցնելով, որ 29 նոյեմբերին առցանց ռեժիմով կայացած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու եւ միջազգային համագործակցութեան մշտական յանձնաժողովի արտահերթ նիստը։ Այն վարած է ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանը:
Յիշեցնենք, որ 24 նոյեմբերին Յակոբ Արշակեանը ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի յայտարարութեան նախագիծի քննարկման ժամանակ առարկութիւններ ներկայացուցած է «Կենսաբանական (մանրէաբանական) եւ տոքսինային (թունաւոր) զէնքի մշակման անթոյլատրելիութեան մասին»։
«Աշխատանքային ընթացակարգով քննարկուած ու ընդունուած են բոլոր առաջարկներն ու դիտողութիւնները: Քննարկումներու արդիւնքով յայտարարութեան նախագիծն արժանացած է յանձնաժողովի հաւանութեան»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է նաեւ, որ ի գիտութիւն ընդունուած են ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողով ուղարկուած փաստաթուղթերը: