Գերմանիա-(«Ալ Հայաթ»- Բրիտանիա) Գերմանացի 720 երիտասարդներ կը կռուին ISIS-ի շարքերուն մէջ: Այս մասին այսօր «Ալ Հայաթ»ին յայտնած է Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետը: Հանս Ժորժ Մէյսըն նաեւ ըսած է, թէ անցեալ տարուան համեմատ ISIS-ին միացած երիտասարդներուն թիւը նուզած է: Գերման պատասխանատուն չէ բացառած, որ թիւը բարձրանայ տրուած ըլլալով, որ ISIS կը շարունակէ գերմանացի երիտասրդներուն համար գրաւիչ խմբաւորում մը համարուիլ եւ յատկապէս անոնց, որոնք կը հաւատան «Ժիհատ»ին: