«Այժմ լիբանանեան բանակը աւելի քան երբեւէ մեծ առաքելութիւն մը ունի կատարելիք», հաստատած է Փարիզի ժողովը նախագահող Ֆրանսայի նախագահը:
Ճի՛շդ է, որ բանակը` իբրեւ երկրին պաշտպանական օրինական համակարգ եւ պետական հաստատութիւն ունի՛ այդ առաքելութիւնը կատարելու թէ՛ իրաւունքը եւ թէ՛ պարտականութիւնը: Այդ առաքելութեան կատարումը սակայն պայմանաւորուած է երկրի անվտանգութեան միակ ու բացարձակ վերահսկողի հանգամանքներով: Իսրայէլը ո՛չ ցամաքին, ո՛չ ծովուն եւ ո՛չ ալ օդին վերահսկելու յաւակնութիւնը եւ իրաւունքը պէտք է ունենայ: Այս զուգահեռ հակակշիռները նոյնքան կարեւոր են բանակի ազդեցիկութեան հզօրացման համար:
Փարիզի միջազգային ժողովէն բխած յայտարարութիւններուն առանցքային բաժինները եթէ լոյսին բերուին, ապա կը ձեւաւորուին քանի մը առաջադրանքներ, որոնք միջազգային ընտանիքի դիրքորոշումներուն ուղղութեամբ ուղենիշ կարելի է նկատել:
Առաջինը Միացեալ Նահանգներու բացակայութիւնն է ժողովէն: Պարզ է, որ քննադատական բաժին պիտի ըլլար իսրայէլեան յարձակումներուն: Փաստօրէն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը չէ վարանած նոյնիսկ ռազմական ոճիր անուանելու իսրայէլեան յարձակումները: Այլ խնդիր, որ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն պաշտօնը զբաղեցնող անձնաւորութեան նման գնահատական տալը օդին մէջ մնալու համոզում կը փոխանցէ, նախկին որոշումներու, դատապարտանքներու, մեղադրանքներու խստութեան զուտ յայտարարողական էութիւնը նկատի ունենալով: Միացեալ Նահանգներ նախատեսած են, նոյնիսկ կրնան արտօնած ըլլալ, որ նման որակումներ կատարուին Թել Աւիւի հասցէին, իր բացակայութեան: Բացակայութիւնը կարելի է պարզաբանել Ուաշինկթընի ստանձնած միջնորդի դերով: Բոլոր այն երկիրները, որոնք կը միջնորդեն, կ՛երթեւեկեն միջինարեւելեան երկիրներ, կը խօսին հրադադարի եւ խաղաղութեան մասին, պարզապէս կցորդներ են հիմնական միջնորդին: Գլխաւոր միջնորդը ուրեմն պէտք էր բացակայէր այս հաւաքէն, շարունակէր մնալ անկողմնակալ, արդարացնէր Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը, թելադրէր տարածաշրջանային պատերազմի չվերածելու թէ՛ Կազան եւ թէ՛ Լիբանանը եւ ապա խօսէր 1701-ի գործադրութիւնը խոչընդոտող տարրին մասին:
Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կամ միջազգային ընտանիքի ընդհանրապէս բացայայտած դիրքորոշումներուն միջեւ կան յայտարարողական տարբերութիւններ: Առաջադրուած գործնական բաժինն է, որ կը զգացնէ ընդհանուր համաձայնութեան մը մասին:
Այս առումով սկզբունքայնօրէն որեւէ կերպ մերժելի չեն բանակին տրուելիք նոր դերակատարութեան, անոր վերատեղակայման, հզօրացման, բանակի շարքերուն համալրման եւ բանակին տրուելիք օժանդակութիւններուն ուղղութեամբ կայացուած որոշումները: Բանակը ի վերջոյ երկրի գերիշխանութեան գլխաւոր երաշխիքն է, եւ իբրեւ այդպիսին անոր հզօրացումը երկրի անկախութեան, ապահովութեան եւ ինքնիշխանութեան ուժեղացումը կ՛ենթադրէ:
Սակայն գերիշխանութիւնը, նաեւ իսրայէլեան ոտնձգութիւններու արգելակումն է, ներխուժուած եւ գրաւուած տարածքներէն հեռացումն է եւ ցամաքի, ծովու եւ օդի զուտ լիբանանեան վերահսկողութիւնն է: Գործնականին մէջ չեն ճշդուիր նաեւ ա՛յս ուղղութիւնները: Լիբանանեան բանակի դերակատարութեան վերակայացումը քաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ կ՛ընկալուի Հըզպալլայի զինեալ գործունէութեան ամբողջական չէզոքացումով եւ Հըզպալլայի ձգելիք բացի լրացումով:
Ըստ խորհրդաժողովին մասնակից պատուիրակութիւններուն ուղարկուած շրջագծային փաստաթուղթին, խորհրդաժողովին նպատակն է շեշտել կարեւորութիւնը դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները` հիմնուելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2006 թուականին որդեգրած թիւ 1701 որոշումին վրայ, որ կոչ կ՛ուղղէ հարաւային Լիբանանը Լիբանանի պետութեան զինեալ ուժերէն բացի այլ ուժերէ կամ զէնքերէ դատարկելու: 1701-ը սակայն միայն այլ ուժերու զինաթափումը չէ: Իսրայէլեան բոլոր ոտնձգութիւններուն անմիջական դադրեցումն է եւ արգելակումը: Ինչ որ կը մղէ Իսրայէլը 1701-ը վերաշարադրելու պահանջին:
Սկզբունքային, օրինական եւ իրաւաչափ պահանջ է բանակին վերակայացումն ու վերատեղակայումը սահմանին: Անիկա սակայն անարդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, եթէ ծառայէ միայն Հըզպալլայի զինուորական լուծարումին: Առանց Իսրայէլի զսպումին եւ հնչող դատապարտանքներուն հետեւելիք պատժական միջոցներու կիրարկման, բանակին տրուելիք դերը կ՛ընկալուի իբրեւ զուտ Հըզպալլայի զինուորական չէզոքացումի քաղաքական նպատակ:
«Այժմ լիբանանեան բանակը աւելի քան երբեւէ մեծ առաքելութիւն մը ունի կատարելիք», հաստատած է Փարիզի ժողովը նախագահող Ֆրանսայի նախագահը:
Ճի՛շդ է, որ բանակը` իբրեւ երկրին պաշտպանական օրինական համակարգ եւ պետական հաստատութիւն ունի՛ այդ առաքելութիւնը կատարելու թէ՛ իրաւունքը եւ թէ՛ պարտականութիւնը: Այդ առաքելութեան կատարումը սակայն պայմանաւորուած է երկրի անվտանգութեան միակ ու բացարձակ վերահսկողի հանգամանքներով: Իսրայէլը ո՛չ ցամաքին, ո՛չ ծովուն եւ ո՛չ ալ օդին վերահսկելու յաւակնութիւնը եւ իրաւունքը պէտք է ունենայ: Այս զուգահեռ հակակշիռները նոյնքան կարեւոր են բանակի ազդեցիկութեան հզօրացման համար:
«Ա.»