image

Մենք չենք կրնար տասնեակ հազարաւոր մարդոց կեանքը զոհել՝ Խրիմը վերադարձնելու համար. Զելենսքի

Մենք չենք կրնար տասնեակ հազարաւոր մարդոց կեանքը զոհել՝ Խրիմը վերադարձնելու համար. Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Fox News-ի հետ հարցազրոյցին յայտարարած է, որ Քիեւը չի կրնար օրինականօրէն ռուսական ճանչնալ Ուքրանիոյ որեւէ բռնագրաւուած տարածք։

«Խօսքը նաեւ 2014-էն սկսեալ Փութինի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու մասին է: Իրաւական առումով մենք սա չենք ճանչնար, չենք ընդունիր։ Միւս կողմէ՝ մենք կը հասկնանք, որ առայժմ չունինք այնպիսի ուժ, զէնքեր՝ Փութինը 1991 թուականի սահմաններ ետ շպրտելու համար»,- ըսած է Զելենսքին։

Լրագրողի հարցին, թէ արդեօք Քիեւը պատրաստ է հրաժարելու Խրիմէն յանուն խաղաղութեան համաձայնագրի, որ վերջ դրուի այս պատերազմին, եւ դադրեցուի արիւնահեղութիւնը Եւրոպայի մէջ, Վոլոտիմիր Զելենսքին պատասխանած է. «Ես արդէն ըսեր եմ, որ մենք պատրաստ ենք դիւանագիտական ճանապարհով վերադարձնել Խրիմը։ Մենք չենք կրնար վատնել մեր տասնեակ հազարաւոր մարդոց կեանքը՝ Խրիմի վերադարձի համար»: