Արմաւիրի մարզի Արտաշար գիւղին մէջ` գնացքներու կայանման մօտակայքը, մեքենան բախած է ջերմաքարշին եւ բռնկած։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ՆԳՆ մամուլի ծառայութիւնը։
Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն տեղեկութիւնը ստացուած է նոյեմբեր 21-ին, ժամը 10:57-ին։
Դէպքի վայր մեկնած է հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն երեք մարտական հաշուարկ:
«Փրկարարները յայտնաբերած են այրած դի»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 11:20-ին, մարած՝ 11:40-ին: