image

Ատրպէյճան արձագանգած է Մաքրոնի՝ «Ֆրանսան ուս ուսի կանգնած է Հայաստանի կողքին» յայտարարութեան

Ատրպէյճան արձագանգած է Մաքրոնի՝ «Ֆրանսան ուս ուսի կանգնած է Հայաստանի կողքին» յայտարարութեան

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ելոյթի ժամանակ հնչեցուցած այն միտքին, որ «Ֆրանսան ուս ուսի կանգնած է Հայաստանի կողքին՝ անոր վրայ ճնշումներու եւ Ատրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւններու լոյսին տակ»:

Պաքուն Ֆրանսան մեղադրած է տարածաշրջանին մէջ «ապակառուցողական գործունէութեան» համար։ Այս մասին յայտարարած է երկրի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէն։

«Սեպտեմբեր 25-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ելոյթի ժամանակ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւններն այն մասին, որ «Ֆրանսան ուս ուսի տուած կանգնած է Հայաստանի կողքին Ատրպէյճանի կողմէ ճնշումներու եւ տարածքային պահանջներու լոյսին տակ», ընդհանուր առմամբ խաղաղութեան գործընթացին Ֆրանսայի կողմնակալ հայանպաստ մօտեցման եւս մէկ օրինակ է»,- բողոքած է Հաճիզատէն։

Անոր խօսքով՝ անընդունելի է, որ Երեւանը «վրէժխնդրութեան նախապատրաստող» եւ այս երկրի լայնածաւալ զինում իրականացնող Ֆրանսան ատրպէյճանական կողմին մեղադրէ ճնշման համար։ Ան աւելցուցած է, որ ԱԳՆ-ն Ֆրանսայէն կը պահանջէ դադրեցնել «ապակառուցողական գործունէութիւնը» տարածաշրջանին մէջ։