«Ո՞վ կը փափաքի որդեգրել այս հարիւր ութսունութ հայերէն գիրքերը»: Լիբանանահայերուն ուղղուած հարցում մը, որուն կ՛ընկերակցի մեծաթիւ գիրքերուն լուսանկարը:
Գիրքերու որդեգրո՞ւմ: Այս յայտարարութիւնը ինծի զարմանք եւ ցաւ կը պատճառէ: Ես գիտեմ, որ որդեգրութեան կը դրուի այն մանուկը, որուն ծնողները մահացած են, եւ ան չունի մօտիկ ազգական մը, որ ստանձնէ խնամակալի դերը, հետեւաբար որբուկը կը յանձնուի օտարի մը հոգածութեան: Բայց հոս ականատես կ՛ըլլամ գիրքերու, որոնք, անկախ իրենց բովանդակութենէն, գրական արժէքէն… կը կրեն որբութեան պիտակը եւ կը սպասեն փրկարարի մը:
Վստահ եմ, որ մինչեւ այս պահը այդ գիրքերը խնամքով շարուած էին գրասէրի մը տան գրադարանին մէջ եւ արժանացած էին յատուկ հոգածութեան: Կ՛ենթադրեմ, որ ընթերցասէրը` հայ գրականութեան ջատագովը, տարիներու ընթացքին բծախնդրօրէն հաւաքած, գուրգուրացած ու տիրութիւն ըրած էր իր հարիւր ութսունութ «ձագուկներուն»: Սակայն այսօր ինչ-ինչ անհասկնալի պատճառներով գիրքերը անտէր դարձած են եւ կը սպասեն որդեգրողի մը բարեխղճութեան:
Ակամայ մէջս հարցումներու շարան մը կը ձեւաւորուի: Արդեօք այս գիրքերուն տէրը մահացա՞ծ է, եւ իր զաւակները անտարբե՞ր են հայ գիր-գրականութեան հանդէպ: Մի՞թէ անոնք իրենց ծնողէն չժառանգեցի՞ն հայերէն գիրքին հանդէպ յարգանքի տուրք հասկացողութիւնը, սիրոյ կայծ մը … եւ այսօր իրենց ձեռքերը լուացած են այս գիրքերը պահելու տաղտուկէն ու լուծէն:
Արդեօք գրասէրին տան անդամները անհեթեթ քմահաճոյքէ մղուա՞ծ որոշեցին գիրքերուն գրաւած դարակները «ազատագրել» եւ աւելի «անհրաժեշտ» ու այժմէական առարկաներով փոխարինել` պատրուակելով, որ համացանցի վրայ կան բազմաթիւ թուայնացած ու հասանելի գիրքեր:
Արդեօք այս երեւոյթը հետեւա՞նք է ընթերցասէրներու թիւի նահանջին, եւ գիրքը կորսնցուցա՞ծ է իր անցեալի հրապոյրը: Կը յիշեմ` Պէյրութի հայահոծ շրջաններուն մէջ կային մեծաթիւ գրադարաններ, որոնցմէ շատերը այսօր գոյութիւն չունին: Ափսո՜ս, որ հաճոյքի ու հետաքրքրութեան չափանիշները փոխուած են… Մոռցուած է այն ասոյթը, որ գործածուած է բազմաթիւ առիթներով եւ այլազգի անհատներու կողմէ` «Գիրքը ուժ է», «Գիրքը վիթխարի ուժ է»:
Արդեօք այս գիրքերուն տէրը չդիմանալով Լիբանանի մէջ տիրող տագնապալից պայմաններուն, անողոք պատերազմին պատճառած սարսափին, անապահովութեան ու անորոշութեան խայթին` լքա՞ծ է Լիբանանը եւ ակամայ լքա՞ծ է նաեւ իր սիրելի գիրքերը:
Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ գտնուող գիրքերն ալ, Լիբանանի քաղաքացիներուն նման, կ՛ենթարկուին ցնցումներու, տեղահանումի, իրաւազրկութեան եւ անարդար վերաբերմունքի: Դժուար է բառերու մէջ սահմանել Լիբանանի մէջ տիրող անհանդուրժելի իրավիճակը: Այլոց թշնամանքը, պատերազմները, հաշիւներն ու սակարկութիւնները կը լուծուին` ի գին դալարագեղ մայրիներու երկրի քանդումին եւ անմեղ քաղաքացիներու սպանդին:
Կ՛իմանամ, որ այս գիրքերը արեւմտահայերէնով գրուած են եւ այլազան նիւթեր կը պարունակեն: Հոս խոհերս նոր ուղղութիւն մը կը ստանան եւ ես` որպէս արեւմտահայ շառաւիղէն սերած, կը հաստատեմ, որ արեւմտահայերէնը իմ ոսկեղենիկ լեզուիս երկու երեսներէն մէկն է, անցագիրիս պէս ուրոյն ու հարազատ: Ան անջնջելի դրոշմը կը կրէ նախնիներուս, որոնք անողոքաբար տեղահանուեցան Արեւմտահայաստանէն ու երկար թափառումէ ետք ապաստան գտան Լիբանանի հիւրընկալ թեւերուն մէջ: Անոնք Լիբանանի պարարտ հողին վրայ ամուր արմատներ արձակեցին եւ վերակենդանացան թարմ ու կանաչ ծիլերով:
Արեւմտահայերէնով յատկանշուող այս հարիւր ութսունութ գիրքերը մեր տաղանդաւոր բանաստեղծներուն, արձակագիրներուն, պատմիչներուն… գրական հարուստ աւանդը կը պարփակեն, նաեւ կ՛ընդգրկեն սփիւռքահայ սերունդին գրական ստեղծագործութիւնները` բերրի արգասիքը:
Հոս կ՛արժէ նշել, որ սփիւռքահայը ուր որ գտնուեցաւ, իր ջանքերով ու հաւատարմութեամբ ապրեցուց եւ արժեցուց իր հայ ինքնութիւնը, միաժամանակ ինքզինք դրսեւորեց, որպէս լիարժէք եւ օրինապահ քաղաքացի: Ան զանազանուեցաւ իր մշակութային հարստութեամբ եւ արհեստներու հմտութեամբ: Որքան որ ան ստացաւ զինք հիւրընկալող գաղթօճախներէն, ապա փոխհատուցեց հարիւրապատիկով…
Իսկ ես լիբանանահայ գաղութին մէկ անդամը ըլլալով` կրնամ հաստատել, որ լիբանանահայութիւնը իտէալական քաղաքացիներ ըլլալէ անդին` լաւագոյնս նուիրուեցան ազգապահպանման սուրբ առաքելութեան, գոյատեւման պայքարին, Հայ դատի հետապնդման: Լիբանանահայը վաղ անցեալին, երբ տակաւին գաղթականի ցնցոտիներով կը պտտէր, իր անձնական եւ տարրական կարիքներէն վեր դասեց համահայկականը եւ իր ունեցած նուազագոյն լուման նուիրաբերեց հիմնելու` դպրոց, եկեղեցի, գրատուն, ակումբ, մամուլ, մշակութային կեդրոններ…
Մտահոգութիւնս կը փարատի, երբ կ՛իմանամ, որ բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք սէր ու յարգանք կը տածեն հայ գրականութեան հանդէպ, պատրաստակամութիւն յայտնած են որդեգրելու հարիւր ութսունութ «որբուկները»: Որբուկներ, որոնք ծնունդ առած են` արեւմտահայու ակունքներէն, սփիւռքահայու ծիներէն, հայ հոգիի աղերսէն, սիրոյ կայծերէն, աղօթքի խորանէն…
Ցաւս կը փոխարինուի յոյսի ու լաւատեսութեան շողերով, երբ կը տեղեկանամ, որ այս գիրքերը պիտի որդեգրուին հայ մշակութային կեդրոնի մը կողմէ, ուր վստահաբար «որբուկները» պիտի արժանանան ջերմ ընդունելութեան եւ արժանի հոգածութեան: