image

Պաքուի հետ պաշտօնական համագործակցութիւն չկայ. ՀՀ ԱԳՆ–ն` ջրային միջոցներու կառավարման մասին

Պաքուի հետ պաշտօնական համագործակցութիւն չկայ. ՀՀ ԱԳՆ–ն` ջրային միջոցներու կառավարման մասին

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ անդրսահմանային գետերու ջուրերու կառավարման ոլորտին մէջ պաշտօնական համագործակցութիւն առկայ չէ։ Այս մասին «Sputnik Արմենիա»ի հարցմանն ի պատասխան յայտնած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն` մեկնաբանելով Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի յայտարարութիւնները։

Աւելի վաղ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարք Լիպպին յայտարարած էր, որ Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն ջրաբաններու խումբ կ՚աշխատի անդրսահմանային գետերու ջրային միջոցներու կառավարման համալիր ուրուագիծի ստեղծման ուղղութեամբ։

Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այդ ոլորտի մէջ պաշտօնական համագործակցութիւն չկայ։

«ՀՀ ԱԳ նախարարութեան տեղեկութիւնների համաձայն`թեմայի շուրջ շփումներ տեղի են ունեցել երկու պետութիւնների հասարակական կազմակերպութիւնների միջեւ», –ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գերատեսչութենէն աւելցուցած են նաեւ, որ ՀՀ–ն կ՚իրականացնէ միջազգային եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւն շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան, այդ շարքին` ջրային միջոցներու կառավարման ոլորտին մէջ շահագրգիռ երկիրներու հետ, որոնք յանձնառու են բարեխիղճ եւ կառուցողական կերպով իրագործելու միջազգային իրաւունքէն, այդ շարքին՝ բնապահպանական համաձայնագրերէն բխող իրենց պարտաւորութիւնները։

Մասնաւորապէս, Հայաստանն արդիւնաւէտ կերպով կը համագործակցի հարեւան Վրաստանի, Իրանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ անդրսահմանային ջրային միջոցներու կառավարման ոլորտին մէջ։