image

Վաղը կարեւոր օր Լիբանանի համար. Ամերիկացի բանագնացը Պէյրութ պիտի հասնի

   Վաղը կարեւոր օր  Լիբանանի համար. Ամերիկացի բանագնացը Պէյրութ պիտի հասնի

 Ճակատներու եւ հրդեհներու առկայութիւնը կենսական են Նաթանաիահուի ու անոր կառավարութեան համար, որովհետեւ առանց այդ կրակներուն Բէնիամին Նաթանիահուն կրնայ հալածուիլ եւ կամ նոյնիսկ դատապարտուիլ ու իշխանութիւնէ հեռացուիլ։

Ամէն պարագայի գալիք ժամերը շատ կարեւոր են ու կան լուրեր, որ եթէ այս հրադադարը տապալի, ապա Լիբանանի դէմ պատերազմը, անոր քաղաքներուն եւ գիւղերուն կրակի թիրախ դառնալը պիտի երկարին մինչեւ յառաջիկայ տարուան յունուար ամսուան կէսերը։

Ամերիկացի բանագնաց եւ Իսրայէլ-Լիբանան պատերազմի գծով յատուկ պատուիրակ Ամոս Հոքսթին այսօր (Երեքշաբթի) Պէյրութ պիտի ժամանէ։ 

 Լուրը տրուեցաւ լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» կայանին կողմէ, հակառակ անոր որ աւելի վաղ մի քանի աղբիւրներ նման լուրեր տարածելէ ետք հերքած էին տեղեկութիւնը։

Լիբանանեան զարգացումներուն հետեւող հարթակներ, որ առանցքային համարած են Հոքսթինի այս այցելութիւնը այդ մէկը բացատրած են մի քանի տուեալներով։

Առաջին հերթին կը նշուի ամերիկեան կողմին  արագօրէն հրադադար մը հաստատելու միտումը, որ պայմանաւորուած է մի քանի հանգամանքներով։ Միւս կողմէ կայ անշուշտ իսրայէլեան կողմին լլկումը եւ կերպով մըն ալ «յոգնածութիւն»ը, որուն հիմնական պատճառը սահմանին Իսրայէլի ունեցած շփոթն է։ 

 Այս անշուշտ չի նշանակեր, որ «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը կը գտնուի փայլուն վիճակի մը մէջ, բայց եւ այնպէս սահմանին վրայ «Հըզպալլա»ի ցոյց տուած ուժեղ դիմադրութիւնը որոշակի միաւորներ կը տրամադրէ այդ կուսակցութեան։

Խնդիրը սակայն  այս բոլորէն ու ստեղծուած վիճակէն Լիբանանի երթալիք միաւորներն են, որ կրնան նոր էջ մը բանալ բազում կրակներու մէջ տառապող այդ երկրին ու անոր քաղաքացիներուն։

Թղթաղծրարները շատ են, ու նաեւ չի բացառուիր, որ Լիբանանի ճակատին տեղի ունենալիք «սառեցում»ով Իսրայէլ պիտի փորձէ դարձեալ «տաքցնել» Կազայի ճակատը։ 

 «Արեւելք»