image

ՀՀ-ն Հնդկաստանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ եւս 78 հատ հրետանային համակարգ գնելու վերաբերեալ. IDRW

ՀՀ-ն Հնդկաստանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ եւս 78 հատ հրետանային համակարգ գնելու վերաբերեալ. IDRW

Հայաստանը Հնդկաստանի հետ քննարկումներ կ՚ունենայ 78 հատ ATAGS հրետանային համակարգեր գնելու վերաբերեալ։ Այս մասին գրած է Indian Defence Research Wing (IDRW) լրատուականը։

«Նախատեսուող գործընթացը յաջորդած է ATAGS-ներու փորձարկումներու յաջող ցուցանիշներուն, որոնք մատակարարուած են Հայաստան։ 

Հրետանային համակարգերու փորձարկումները հաստատած են ատոնց ճշգրտութիւնը եւ յուսալիութիւնը։

Նախատեսուող գործարքը կ՚ամրացնէ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ աճող պաշտպանական համագործակցութիւնը։ Մինչ այդ Հայաստանը գնած էր Pinaka կայանքներ եւ այլ պաշտպանական սպառազինութիւն»,- նշած է լրատուականը։