image

Հալէպի մէջ. Աւետարանական համայնքն ու եկեղեցին երիտասարդ արհեստագործներու կողքին. Տեղի ունեցած է յատուկ միջոցառում

Հալէպի մէջ. Աւետարանական համայնքն ու եկեղեցին  երիտասարդ արհեստագործներու կողքին. Տեղի ունեցած է յատուկ միջոցառում

Հալէպի մէջ, օրերս, Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովանաւորութեամբ սկիզբ առած արհեստավարժութեան եւ փոքր ձեռնարկատիրութեան ծրագիրի չորրորդ հունձքի գերազանց շրջանաւարտները իրենց գործունէութիւնը ծաւալելու համար ստացած են անհրաժեշտ աշխատանքային իրեր։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2024-ին, Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովանաւորութեամբ սկիզբ առած արհեստավարժութեան եւ փոքր ձեռնարկատիրութեան ծրագիրի չորրորդ հունձքի գերազանց շրջանաւարտները իրենց աշխատանքին համապատասխան իրեր ստացան։

Սոյն նախաձեռնութեան ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկ. Մարիա Պօզեագալեան։

Այնուհետեւ Համայնքապետ Վերապատուելին իր խրախուսական խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Վերապատուելին յատկապէս վեր առաւ սոյն ծրագիրին երկրի տնտեսական եւ ընկերային ոլորտներու բարգաւաճման բերած նպաստը, որ համարեց մեկնարկը աւելի մեծ ծրագիրներ իրագործելու։

Սոյն ձեռնարկին Հալէպի առեւտրական  գրասենեակի նախագահ Տիար Ամէր Համուի իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի ունեցած գործօն դերը երիտասարդներու աշխատանքային ծրագիրի աջակցութեան մէջ։

Նախաձեռնութեան իրենց ներկայութիւնը բերին Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Հալէպի ներկայացուցիչը,  արհեստավարժութեան մասնակից ուսումնարաններու տնօրէններն ու շրջանաւարտները։