image

Ամմանի մէջ մտաւորականներ զօրակցութիւն յայտնած են Ապտալլա Թագաւորին. Ներկայ եղած են նաեւ մեր հայրենակիցներ՝ Անդրանիկ Լեփէճեան եւ Մարալ Ներսէսեան

Ամմանի մէջ մտաւորականներ զօրակցութիւն յայտնած են Ապտալլա Թագաւորին. Ներկայ եղած են նաեւ մեր հայրենակիցներ՝ Անդրանիկ Լեփէճեան եւ Մարալ Ներսէսեան

Արժեւորելով  Հայ համայնքի ներկայութիւնը եւ դերը Յորդանանի մէջ, հայրենակից գործունեայ անդամներ Անդրանիկ Լեփէճեան եւ Մարալ Ներսէսեան կը շարունակեն աշխոյժ կերպով մասնակցիլ, ինչպէս նաեւ կարեւոր մասնակցութիւն ունենալ տեղի հայ համայնքի կեանքին։ Անոնք օրերս մասնակցութիւն բերած են Թագավորական արքունիքի ղեկավար՝ Եուսէֆ Հասան Ալ Իսաուիի գլխաւորած եւ պատմաբան Օմար Ալ-Արմութիի կազմակերպած հանդիպումին որ տեղի ունեցած  է Հաշիմեան թագաւորական դատարանին մէջ ի զօրակցութիւն  Յորդանանի  Ն.Վ. Ապտալլա Բ.Պըն Հիւսէյն Թագաւորին։

Օմար Ալ Արմութի իր խօսքին մէջ վեր առած է Հաշիմեան Թագաւորութեան  վերնախաւի դրական դերը յիշելով ի մասնաւորի Թագաւոր Ապտալլան, որուն անմնացորդ ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղած է օժանդակութիւն ցոյց տալ  Պաղեստինցի եւ Լիբանանցի վիրաւոր ժողովուրդներուն։

Արմութի նաեւ նշած է, որ երկրի մտաւորական ընտրանին ինչպէս երէկ այսօր եւս  կը կանգնի Թագաւորի կողքին, նշելով որ Յորդանանի մեծագոյն ուժը երկրի ներքին համախմբուածութիւն է։

Նշենք նաեւ, որ այս կարեւոր հանդիպման մասնակցութիւն  բերած է համայնքային յարգուած գործիչ Տիար Անդրանիկ Լեփէճեանն ու հայկական համայնքի գործօն անդամ՝ Օրդ. Մարալ Ներսէսեանը։

Հանդիպման վերջը մտերիմ զրոյցի մէջ, Թագավորական արքունիքի ղեկավար՝ Եուսէֆ Հասան Ալ Իսաուիին յայտնեց թէ ինք ուսանած է երբեմնի Ամմանի Հայկական Հեթումեան Վարժարանին մէջ։

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը