image

Թուրքիան արգիլած է Երեւանէն Իսթանպուլ մեկնած գանատացի լրագրողի մուտքը՝ յայտարարելով, որ ան «սեւ ցուցակ»ի մէջ է

Թուրքիան արգիլած է Երեւանէն Իսթանպուլ մեկնած գանատացի լրագրողի մուտքը՝ յայտարարելով, որ ան «սեւ ցուցակ»ի մէջ է

Թուրքիան արգիլած է Երեւանէն Իսթանպուլ մեկնած գանատացի լրագրողի մուտքը՝ յայտարարելով, որ տղամարդը «սեւ ցուցակ»ի մէջ է: Այնուհետեւ լրագրողը ետ ուղարկուած է:

Այս մասին Նիլ Հաուըրը յայտնած է X-ի իր էջի միջոցաւ:

Լրագրողը ենթադրած է, որ արգելքը կապուած է իր կողմէ Ատրպէյճանի հասցէին քննադատութիւններու եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու, այդ շարքին՝ էթնիք զտումներու մասին հրապարակումներու հետ:

«Երէկ ինծի արգիլեցին մուտք գործել Թուրքիոյ Հանրապետութիւն։ Զբօսաշրջային այցի նպատակով Երեւանէն մեկնած էի Իսթանպուլ Սապիհա Կէօքչենի անուան օդակայան: Անձնագրային ստուգման ժամանակ ինծի մէկ կողմ տարին, տեղեկացուցին, որ «սեւ ցուցակ»ի մէջ եմ, 16 ժամ պահեցին ու ետ արտաքսեցին», - գրած է լրագրողը։

Հաուըրը նշած է նաեւ, որ պիտի բողոքարկէ արգելքը, քանի որ «ոչ մէկ յանցանք գործած է»։